2013-05-23 12:35:46

Իտալիոյ Գաշեա Քաղաքը Տօնախմբեց Իր Պաշտպան Սուրբի Տօնը` Սրբուհի Ռիթան։


Ծիսակատարութիւնը գլխաւորեց կարտինալ Սանտրին։


22 մայիսին տօնն է սրբուհի Ռիթային` պաշտպան սրբուհի Իտալիոյ Գաշեա քաղաքին եւ բարեխօսը անկարելի բաներուն։ Կարտինալ Սանտրին` արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին կառավարիչը գլխաւորեց հանդիսաւոր պատարագը եւ որուն ընթացքին քարոզ մը արտասանեց վեր առնելով սրբուհի Ռիթայի առաքինութիւնները ու խնդրելով անոր բարեխօսութիւնը յաղթահարելու աշխարհի ու եկեղեցիներու միջեւ տիրող բաժանումներն ու անարդարութիւնները։ Սրբուհի Ռիթա որպէս դուստր, կին եւ մայր, այրի եւ հուսկ որպէս կրօնաւորուհի, հակառակ իր փշալից կեանքին միշտ համոզուած ''այո'' ըսած է Աստուծոյ կամքին։ Հաւատքի այս տարուան առթիւ անոր բարեխօսութիւնը հայցենք որպէսզի մեզ բուժէ փորձիչ սատանայի տարակոյսէն`, եւ մեզ օգնէ դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները։ Մենք եւս զօրացած սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեամբ կարողանանք ընթանալ Անոր հետ Յարուցեալի լոյսով։
Կարտինալ Սանտրին իր քարոզին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ արիւնալի պատերազմին եւ յիշեց Լիբանանը, ուր Պէյրութի մէջ անոր ի պատիւ կը բարձրանայ մեծ սրբավայր մը Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումի ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.